image

Թրամփ յայտարարած է, որ հեշտութեամբ կրնան բանալ Հորմուզի նեղուցը

Թրամփ յայտարարած է, որ հեշտութեամբ կրնան բանալ Հորմուզի նեղուցը

 

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ համապատասխան ժամանակի առկայութեան պարագային կրնան դիւրութեամբ բանալ Հորմուզի նեղուցը։

Այս մասին Տանըլտ Թրամփը նշած է Truth Social-ի իր էջին վրայ կատարած գրառման մէջ։

«Քիչ մը աւելի ժամանակ ունենալու պարագային՝ մենք դիւրութեամբ կրնանք բանալ Հորմուզի նեղուցը, վերցնել նաւթը եւ անկէ ամբողջ հարստութիւն մը կուտակել»,– գրած է Թրամփը՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը կրնայ ըլլալ առատ շատրուան մը ամբողջ աշխարհի համար։