image

Գանատա. Տասը Կուսանացի արարողութիւն. Արարողութեանց նախագահած է Առաջնորդ Սրբազանը

Գանատա. Տասը Կուսանացի արարողութիւն. Արարողութեանց նախագահած է Առաջնորդ Սրբազանը
Գանատայի Հայոց Թեմի Պաշտօնական Էջ-էն կը կարդանք՝ 

Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Տասը Կուսանացի արարողութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը։

Երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, ինչպէս նաեւ Ս. Գրային ընթերցումները կատարեցին, Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ «Կաքաւիկ» Երգչախումբի եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի անդամուհիները։ 

«Տասը կոյսերու առակը մեզ կը յիշեցնէ, թէ քրիստոնէական կեանքը սպասում չէ միայն, այլ արթուն եւ պատրաստ ապրում։ Իմաստունները իրենց լապտերները վառ պահեցին՝ որովհետեւ պատրաստ էին, մինչ յիմարները ուշացան՝ որովհետեւ յետաձգեցին։ Նոյնպէս եւ մենք, եթէ այսօր չպատրաստուինք, կրնանք կանգնիլ փակ դռան առջեւ։ Հետեւաբար, կոչուած ենք ապրելու արթուն հաւատքով, միշտ պատրաստ՝ դիմաւորելու Տէրը եւ արժանանալու երկնային հարսնարանին», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։