Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը նոր հարուածներ հասցուցած է Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանին։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
Նշուած է, որ յարձակման ենթարկուած են Թեհրանի մէջ գտնուող հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, զէնիթային հրթիռներու պահեստը, պալիսթիք հրթիռներու զինանոցը, ինչպէս նաեւ զէնքերու մշակման եւ արտադրութեան հետ կապուած քանի մը կեդրոններ։