image

Անդամալոյծ սէրը



Անդամալոյծ սէրը



-Աստուա՛ծ իմ, ինչո՞ւ չարգիլեցիր այս փորձանքը: Դուն լաւ գիտես, որ ինչպիսի «մութ փապուղիէ» մը կ՚անցնինք եւ որքա՜ն հրահրուած էինք, որ  Զատիկին՝ քու հրաշափառ յարութեանդ օրին, «լոյսի շողեր» պիտի տեսնենք եւ ապրինք՝ մեր բնականոն կեանքը յիշեցնող օրերէն մին: Կիրակի առաւօտուն եկեղեցի պիտի երթայինք, ապա բարեկամներու հետ ընտանեկան հաւաք մը վայելէինք: Աստուա՛ծ իմ, ինչու՞, ինչո՞ւ:

2018- ի Աւագ Ուրբաթն էր, ես արդէն ուշացած էի Զատկուան յատուկ աւանդական չէօրէկն ու  լիբանանեան մաամուլը պատրաստելու: Աւագ Շաբթուան երեք օրերը ես հիւանդանոցն էի, ամուսինիս՝ Կարոյին կողքը, երբ ան կը ստանար իրեն համար նշանակուած քիմիական բուժումը ( chemotherapy)։ Արդէն տարի մըն էր, որ ան երեք շաբաթը անգամ մը քիմիական բուժում կը ստանար:

Հոգ չէ, որ ծանր շաբաթ մըն էր, բայց կը փորձէի տօնական տրամադրութիւնը վառ պահել: Հակառակ սովորութեանս՝ Հինգշաբթիի փոխարէն, Ուրբաթ օրով հաւկիթները կը ներկէի եւ մաամուլները ճերմակ մոմէ թուղթերով կը փաթթէի: Ամուսինս նստասենեակը հեռատեսիլին դիմաց նստած կը հանգչէր: Բակօն՝ տղուս շունը, եւ Պէքէլուն՝ տղուս տան օգնականուհին, նոյնպէս նստասենեակն էին: Տղաս եւ իր տիկինը ճամբորդած էին, հետեւաբար Բակօն եւ Պեքելուն մեր տունը կը մնային: Պեքելուէն խնդրած էի շան պէտքերը հոգալը եւ յատկապէս անոր տունէն վար իջեցնելը...:

Խոհանոցէն լսեցի մեր տան դրան փակուիլը, հաւանաբար Պէքէլուն շունը քալեցնելու կը տանէր: Տասը վարկեան չանցած դրան զանգը զարնուեցաւ: Զարմանքս եւ սարսափս սահման չունէր: Կարօն էր, շան վզկապը ձեռքին, իսկ իր դէմքը՝ դեփ- դեղին մոմի գոյն ստացած էր:

-Սիլվա՛, կարծեմ, թէ թեւիս ոսկորը կտրուեցաւ: Կը փորձէի Բակոյին վզկապը  քաշելով զսպել, որպէսզի քալող  ինքնաշարժին տակ չերթայ, բայց ընթացքին իմ ոտքս սահեցաւ ու  գետին ինկայ:

Անմիջապէս ուղղուեցանք դէպի՝ Էշրէֆիէի Յունական (St. George) հիւանդանոցը, որը 2011- էն ետք՝ ամուսինիս քաղցկեղի հիւանդութեան պատճառով, մեր երկրորդ տունը դարձած էր: Շտապ օգնութեան կատարած  քննութիւնները հաստատեցին, որ Կարոյին ուսը փշրուած է, նաեւ ուսին յարակից ոսկորները վնասուած են: Անհրաժեշտ էր՝ վիրաբուժական միջամտութեամբ ուսին յօդը վերականգնել ու փոխարինել մետաղայինով (metal replacement):

Արցունքներս չէի կրնար զսպել եւ մօտս յուզմունքը եւ բարկութիւնը իրար խառնուած էին:

-Կարօ՛,  ես որեւէ հիւանդութեանդ պարագային միշտ կողքդ եղած եմ առանց դժկամանքի, կամ տրտունջի, բայց այսօր շատ նեղացած եմ քանի, որ  պատահարը անխոհեմ քայլիդ արդիւնքն էր…։


Անմիջապէս ընկերուհիներուս տեղեկացուցի, որ մենք Կիրակի օրուան հաւաքին ներկայ պիտի չըլլանք եւ Զատիկը  հիւանդանոցին մէջ պիտի դիմաւորենք: Հիւանդանոցը շատ խճողուած էր, մինչեւ յաջորդ առաւօտը, ազատ սենեակ մը մատչելի դառնալը, ես ու աղջիկս ոտքի վրայ «գիշերեցինք» շտապ օգնութեան բաժանմունքին (emergency ward) մէջ։ Վերջապէս սենեակ բարձրանալը մեզի համար «ճոխութեան» համազօր բան մը թուեցաւ, հոգ չէ որ սենեակին մէջ երկրորդ անկողինը զբաղեցնողը՝ քսաներեք տարեկան Ժասիմ անունով իսլամ երիտասարդ մըն էր: Ան իր հօրը ու եղբօրը հոգածութեամբ Իրաքէն Պէյրութ բերուած էր, որպէսզի յստակ ախտորոշում մը կայացուի եւ ի պատշաճի բուժում նշանակուի: Իրաքի մէջ բժիշկները իրենց ձեռքը Պիղատոսի նման լուացած էին: Ժասիմին  ոտքերը անդամալուծուած էին. ան միայն իր հօրը եւ անթացուպերու օգնութեամբ կրնար բաղնիք երթալ եւ կամ հաշմանդամի սայլակին (wheelchair) վրայ նստած սենեակէն դուրս գալ:

Ըստ ենթադրութեանս խոժոռ դէմքով երիտասարդը, անհաղորդական բնաւորութեան տէր անձ մըն էր: Թէեւ երկու անկողիններուն միջեւ բաժնող վարագոյր մը կար, բայց Կարօն կը պահանջէր վարագոյրը բաց պահել, որպէսզի երիտասարդին կողքը գտնուող պատուհանէն  ցերեկային լոյսը ներս թափանցէր: Ես երբեք Կարոյին քովէն չէի հեռանար եւ բնականաբար աչքս մերթ ընդ մերթ երիտասարդին կը հանդիպէր:

- Հիւանդապահուհի՛, շուտ հասի՛ր, ժասիմին սէրոմը սխալ բան մը ունի, արիւն դուրս կ՚ելլէ:
Հիւանդապահուհին անմիջապէս  եկաւ եւ յայտնաբերեց, որ Ժասիմը դիտումնաւոր սերոմին անցքը ոլորելով փակած էր եւ արիւնը երակէն դուրս մղելով անձնասպանութիւն կը փորձէր: Քանի մը անգամ այդպէս սենեակէն դուրս վազեցի հիւանդապահուհիի մը օգնութիւնը խնդրելու: Ժասիմին խեղճ հայրը եւ եղբայրը հիւանդանոցին սպասման սրահին մէջ «կ՚ապրէին» եւ փոխն ի փոխ կը հսկէին Ժասիմին:

Կարօն ականատես ըլլալով բժիշկներուն մուտք- ելքին, որոնց մեծ մասը իր բարեկամներն էին, իմանալով Ժասիմին քննութիւններուն դրական արդիւնքները,  լսելով բժիշկներուն ուղղած  հարցումները եւ ժասիմին ընտանիքին պատասխանները, կրցած էր գոյացնել իր անձնական ախտորոշումը:

-Սիլվա՛, Ժասիմը ֆիզիքական հիւանդութիւն չունի: Ես վստահ եմ, որ ան ցնցում մը (shock) ապրած է եւ ընկճախտէ (depression) կը տառապի: Ժասիմը հոգեբանական բուժման կարիք ունի։ Հաճիս, սենեակէն դուրս ելի՛ր եւ ինծի Ժասիմին հետ առանձին ձգէ։


Կարօն իր երկարամեայ բժշկական փորձառութեամբ կը հաւատար հոգեկան ու զգացական աշխարհի շեշտակի ազդեցութեանը՝ Ֆիզիքական առողջութեան վրայ: Ան դեղ նշանակելէ անդին կը փորձէր ճանչնալ հիւանդին հոգեկան ցաւերը...: Հետեւաբար Կարօն կրցաւ Ժասիմին վստահութիւնը շահիլ եւ թափանցել անոր ներաշխարհի ծալքերուն: Ժասիմ պատմած էր, որ ինք սիրային յուսախաբութիւն մը ապրած է, իր սիրած աղջիկը զինք լքած եւ ուրիշին հետ ամուսնացած է եւ ինք այլեւս աւելորդ կը գտնէ իր ապրիլը...։


Կարոյին ուսին գործողութիւնը ուշացաւ, առաջին խոչընդոտը մինչեւ երեքշաբթի երկարող տօնական օրերն էին, ապա ուսին փոխարինող մետաղեայ կազմածին ապահովումը եւ ապահովական ընկերութեան համաձայնագիրին ուշացումը։ Միակ բարեբախտութիւնը այն էր, որ Կարօն բաւարար ժամանակ ունեցաւ Ժասիմին հետ առանձին մնալու...: Մանրամասն չեմ գիտեր, թէ ինչ նիւթեր խօսուեցան սենեակէն դուրս գտնուած ժամերուս, բայց գիտեմ, որ քանի մը օր ետք խոժոռ դէմքով Ժասիմը ժպտաց: Ան առանց հօրը  աղաչանքին ու պաղատանքին սկսաւ ուտել- խմել եւ համաձայնեցաւ առանց սայլակին, կամ անթացուպերուն, միայն հօրը յենուելով   քալելու փորձեր կատարել: Հրաշքի նման արագ ընթացաւ Ժասիմին բարելաւումը:



-Կարօ՛, ինչպէ՞ս կրցար օգնել Ժասիմին:

-Ես իրեն իմ կեանքս պատմեցի եւ իր մէջ կամքի, զօրութեան, չյուսահատելու եւ վերականգնելու կայծը վառեցի...: Բազմիցս անգամներ կրկնեցի. «Ժասի՛մ, դուն հիւանդ չես եւ պիտի լաւանաս»:

Ես տեղեակ էի, որ Կարոյին կեանքին մէջ բազմաթիւ յուսախաբութիւններ ու անարդարութիւններ պատահած էին, մինչեւ աքսոր դէպի Սիպիր- զնտան...:

Լիբանանի պատերազմի ընթացքին քանի մը անգամ ան մազապուրծ փրկուած էր մահէն: Այլազան կորուստներ ունեցած էր եւ ահա եօթ տարիէ քաղցկեղով ու անկէ յառաջացած բարդութիւններով կը տառապէր: Սակայն ան միշտ դրական հայեցողութեամբ, ժպիտով ու չընկրկող կամքով կը դիմագրաւէր իր դէմ ծառացող դժուարութիւնները։


Ժասիմը վերջապէս ինքնորոյն ՔԱԼԵՑ: Իր հայրն ու եղբայրը ապշած էին եւ տունդարձի քաղցր երազը կը շօշափէին։ Ժասիմ մեկնելէն առաջ Կարոյին փաթթուեցաւ ու ըսաւ. « Ամմօ, կեանքս քեզի կը պարտիմ»:

Թէեւ Կարոյին ամբողջական ապաքինումը հեշտ չընթացաւ, բայց ես  անգամ մը եւս  հարց չտուի Աստուծոյ, որ ինչո՞ւ չարգիլեց այս փորձանքը: Պատասխանը՝ Ժասիմն էր:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...