Անյայտ անձեր Լոնտոնի հիւսիսը գտնուող հրէական թաղամասին մէջ չորս շտապօգնութեան մեքենայ հրկիզած են․ քաղաքի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է։ Այդ մասին նշուած է ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ, կը գրէ «Արմէնփրէս»ը։
«Հետաքննութիւնը նախաձեռնուած է այն բանէ ետք, երբ Կոլտըրզ Կրինի մէջ (լոնտոնեան շրջան) հրկիզուած են հրէական համայնքի շտապօգնութեան ծառայութեան պատկանող չորս շտապօգնութեան մեքենայ»,– նշուած է մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ միջադէպը կը դիտարկուի որպէս հրէատեացութեան եւ ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւն։ Հրդեհի վայրին մօտ գտնուող շէնքերու բնակիչները տարհանուած են, որոշ ճամբաներ փակուած են, սակայն տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չեն ստացուած։ Բոլոր հրդեհները մեկուսացուած են։
Բացի այդ, հաղորդագրութեան համաձայն՝ դէպքի վայրին մէջ պայթումներ լսուած են։ Ոստիկանութիւնը կը կարծէ, որ ատոնք կապուած են շտապօգնութեան մեքենաներուն մէջ կազով լեցուն շիշեր առկայութեան հետ։
Ըստ տեսախցիկներու տուեալներուն՝ կան երեք կասկածեալներ, սակայն առայժմ ոչ ոք ձերբակալուած է։
Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր դատապարտած է «խորապէս ցնցող հակասեմական յարձակումները»՝ զանոնք որակելով «սարսափելի»։