Օրերս Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր գրասենեակին մէջ ընդունած է Պատուելի Ճորճ Սահիլին, որուն հետ քննարկուած են անոր ծառայութեան առնչուող հարցեր։
Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը
Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պատուելի Ճորճ Սահիլին։
Հանդիպման ընթացքին Պատուելի Սահիլին բաժնեկցեցաւ իր ծառայութիւններուն եւ գործունէութեան մասին։ Իր կարգին Վեր. Սելիմեան ողջունեց զայն եւ բարի կեցութիւն մաղթեց Հալէպի մէջ, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ այս տագնապալի ժամանակներուն մէջ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ շարունակէ իր հաւատարիմ ծառայութիւնը։