Մերձաւոր Արեւելքը յայտնուած է մեծ տարածաշրջանային պատերազմի շեմին, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ ելոյթ ունենալով Ռուսիա-Պարսից ծոց համագործակցութեան խորհուրդի ռազմավարական երկխօսութեան խորհուրդի նիստին։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ:
«Ռուսիա կ'աշխատի բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի այդ տեղի չունենայ», - աւելցուցած է ան:
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ միջազգային հանրութեան անկարողութիւնը Կազայի հատուածի մարտերը դադրեցնելու յանգեցուցած է ռազմաքաղաքական իրավիճակի կտրուկ վատթարացման ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանէն մինչեւ Կարմիր ծով։ Միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի ու Իրանի առճակատումը նոր վտանգաւոր մակարդակի հասած է։
Լաւրով ընդգծած է, որ առանց պաղեստինեան-իսրայէլեան խնդրի լուծման Մերձաւոր Արեւելքը չի կրնար կայուն զարգանալ։