image

Լարսը փակ է բեռնատարներուն առջեւ

Լարսը փակ է բեռնատարներուն առջեւ

Փրկարար ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ։

Մինչեւ փետրուար 15-ը ճանապարհի վերանորոգման աշխատանքներով պայմանաւորուած Մ-6 մայրուղիի Վանաձոր-Ալավերդի ճանապարհահատուածի մօտ 38-40-րդ քիլոմեթրը փակ պիտի ըլլայ հանրակառքերու եւ կցորդով կամ կիսակցորդով բեռնատար մեքենաներու համար։ Շրջանցիկ ճանապարհը պիտի գործէ Նոյեմբերեան քաղաքով։

Փակ են Արագածոտնի մարզի մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները։

Վարդենեաց լեռնանցքը դժուարանցանելի է կցորդիչով բեռնատարներու համար (խորհուրդ կը տրուի կիրառել անուաշղթաներ):

«Մեղրիի սար» կոչուող հատուածին մէջ բուք է։

 

Լարսի մասին

Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու բաժանմունքէն եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Հիւսիսային Օսեթիոյ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը փակ է բեռնատարներու համար։

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։