image

Լարսի անցակէտը փակ՝ բեռնատարներուն առջեւ

Լարսի անցակէտը փակ՝   բեռնատարներուն  առջեւ

Վերին Լարսի անցակէտ տանող ճանապարհը փակուած է բեռնատարներու համար։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մաքսային կցորդ Վահան Յակոբեանը։

«Միջազգային նշանակութեան Մցխեթա-Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհի Գուդաուրի-Կոբի հատուածում տեղացող ձիւնի պատճառով Խաչի լեռնանցքը երկու ուղղութիւններով փակուել է բեռնատար տրանսպորտի համար»,– նշած է ան։

Թեթեւ մարդատար փոխադրամիջոցներու համար ճանապարհը կը մնայ բաց: