Սիւնիքով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհի վերահսկողութիւնը մասնաւոր պահնորդական ընկերութեան յաձնելու մասով նոր մանրամասնութիւններ չկան։ Այս մասին ԱԺ-ի մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարեց ՀՀ Արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան։
«Այդ մասին խօսուել է, դեռ մանրամասները յայտնի չեն»,-ըսաւ ան։
Արտաքին գործոց փոխ նախարարը վստահեցուց, որ հայ սահմանապահները եւ մաքսաւորներն այդ ճանապարհին աշխատանք պիտի իրականացնեն։
«Խօսուել է մասնաւոր ընկերութեան ներգրաւման հնարաւորութեան մասին, բայց դետալները (մանրամասնութիւնները) դեռ չկան։ Դա «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի հետ որեւէ կապ չունի, բայց դրա տրամաբանութեան մէջ է»,-ըսաւ Սաֆարեան։