«Արեւելք» աւելի վաղ գրած էր, որ Կիպրոսի Թեմին համար եւ տնօրինութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն Գերղ. Տ. Կոմիտաս Եպս. Օհանեան նշանակուած էր Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։
Այս առումով ալ Կիպրոսի ՍԴՀԿ Մարմինը (ՍԴՀԿ Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմին) հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Ուրախութեամբ իմացանք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը:
Այս բարեբաստիկ առիթով նորանշանակ Սրբազան Հօր կը մաղթենք բեղուն ծառայութիւն իր Աստուածաշնորհ եւ ազգանուէր առաքելութեան մէջ:
Կը սիրենք յուսալ որ Կաթողիկոսական Փոխանորդին հետ կ'ունենանք համերաշխ եւ ներդաշնակ գործակցութեան ժամանակաշրջան մը՝ ի սպաս կիպրահայ գաղութին բարօրութեան:
Առ այդ՝ կը շնորհաւորենք առաջնորդական պաշտօններ վարած, հմուտ երաժշտագէտ Սրբազան Հայրը:
Միւս կողմէ, կը շնորհաւորենք նաեւ Լիմասոլի եւ Փաֆոսի համայնքներուն նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերապատիւ Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանը՝ իր նոր ծառայութեան մէջ:
Ի դիմաց՝ Ս.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմին
25 Յուլիս 2024 - Նիկոսիա