Կիպրոսի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հայ համայնքը կը մտնէ նոր եւ յուսադրիչ փուլ մը։ Առիթը առաջին անգամներէն մէկն է, երբ կիպրահայ համայնքի ներկայութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ կը դառնայ աւելի տեսանելի եւ ազդեցիկ։
Նիկոսիայէն Պարէտ Կոստանեան ապահոված է «Ամէսի Տիմոքրաթիա» կուսակցութեան առաջադրումը՝ մասնակցելու 2026-ի ընտրութիւններուն։ Ան ընտրուած է կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային քուէարկութեամբ, որ իրականացուած է «AGORA» առցանց հարթակին միջոցով, որ նոյնպէս կը համարուի նորարարական քայլ մը կուսակցական ընտրական գործընթացին մէջ։
«Ամէսի Տիմոքրաթիա»-ն կը գլխաւորէ Ֆիտիաս Փանայոտու (Fidias Panayiotou), որ վերջերս յայտնի դարձաւ քաղաքական բեմին վրայ՝ շահելով Կիպրոսի վեց աթոռներէն մին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ։ Իր այդ անակնկալ յաջողութենէն ետք, ան այժմ կը փորձէ իր ազդեցութիւնը տարածել նաեւ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ։
Այս ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը չի սահմանափակուիր միայն այն հարցով, թէ ո՛վ պիտի յաղթէ։ Ամէնէն էականը այն է, որ Կիպրահայութիւնը կը դադրի միայն դիտորդ ըլլալէ եւ կը դառնայ քաղաքական գործընթացներուն գործունեայ մասնակից։ ։
Երեւոյթը յատկապէս ոգեւորիչ ազդակ է, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին համար, որովհետեւ կը բացուին նոր հորիզոններ՝ նոր գաղափարներով, նոր դէմքերով եւ նոր մօտեցումներով։ Քաղաքական այս զարթօնքը կրնայ դառնալ աւելի լայն մասնակցութեան սկիզբ մը՝ հիմք դնելով աւելի կենսունակ եւ յուսադրիչ ապագայի։
Լուսանկարը՝ Պարէտ Կոստանեան եւ Ֆիտիաս Փանայոտու