image

Կիպրոս. Այցելութիւն Պալեխորի գիւղը (Լուսանկար)

Կիպրոս. Այցելութիւն Պալեխորի գիւղը (Լուսանկար)

Կիպրացի ժողովուրդին եւ անոր եկեղեցական մարմիններուն հետ յաւելեալ շփումներ-յարաբերութիւններ մշակելու նպատակով օրերս Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան այցելութիւն տուած է Պալեխորի գիւղը եւ արժանացած ջերմագին ընդունելութեան։ 

Ատոր մասին «Արեւելք»ի իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Այսօր Օգոստոս 23-ին, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոսը, ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ Վահան Այնէճեանի, այցելեց Պալեխորի գիւղը եւ ընդունուեցաւ գիւղապետ Թէոֆիլոս Միլթիատուսին եւ գիւղի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ատենապետ Պանայիոտիս Լամպիցիսին կողմէ, որոնք շրջապտոյտ կազմակերպած էին գիւղի տեսարժան վայրերը, ինչպէս Մետամորֆոսէոս տու Սոտիրոս եւ Պանաղիա Խրիսոպանտանասա եկեղեցիները, Բիւզանդական թանգարանը եւ ԷՕՔԱ-ի հերոս Ղրիղորիս Աւքսենտիուի թաքստոցը։