Մայիս 14-ին իրաւապահ մարմինները խուզարկած են «Հայաստան» դաշինքի Սպիտակի գրասենեակը։ Կան բերման ենթարկուածներ եւ ձերբակալուածներ։ Տեղեկութիւնը հաստատած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։
«Հաստատում ենք, որ նշուած քննչական գործողութիւնները կատարւում են ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէում նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներում: Անհրաժեշտութեան դէպքում կը տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն»,- յայտնած են կոմիտէէն:
«Հայաստան» դաշինքէն արձագանգած են, որ այս խուզարկութիւնն ու ձերբակալութիւններն իրենց համար անակնկալ չէր, եւ իրենց ատով չեն վախցներ։
«Իրաւապահ համակարգի նմանօրինակ գործելաոճը վաղուց արդէն դարձել է գործող վարչախմբի ձեռագիրը։
Այս գործողութիւնները եւս մէկ անգամ փաստում են.
իշխանութիւնը չունի հանրային աջակցութիւն եւ սեփական ուժերի հանդէպ վստահութիւն եւ իր վերարտադրութիւնը ապահովելու համար դիմում է նման քայլերի։
Տեղի ունեցողը ոչ թէ իրաւական գործընթաց է, այլ հերթական էժանագին փորձ՝ խոչընդոտելու մեր կառոյցների բնականոն աշխատանքը։
Նմանատիպ մեթոդներով իշխանութիւնը փորձում է վախի մթնոլորտ սփռել, սակայն սա միայն ամրապնդում է մեր համոզմունքը, որ ընտրուած ճանապարհը ճիշդ է։
Որեւէ խուզարկութիւն կամ ձերբակալութիւն չի կարող փոխել մեր քաղաքական օրակարգը. մեր թիմը գիտի ինչի համար է պայքարում։
Մեր քաղաքացիներին կոչ ենք անում իշխանութեան կողմից իրականացուած բոլոր հակաիրաւական քայլերի պատասխանը տալ յունիսի 7-ին՝ մերժելով Հայաստանում հաստատուած ավտորիտար ռեժիմին»,-ըսուած է «Հայաստան» դաշինքի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
***
Վերջին շրջանին պարբերաբար խուզարկութիւններ տեղի կ՚ունենան ընդդիմադիր ուժերու գրասենեակներու մէջ, մասնաւորապէս «Ուժեղ Հայաստան»ի։
Գրեթէ ամէնօրեայ ռեժիմով Հակափտածութեան կոմիտէն «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անունով հանդէս եկող անձանց մասնակցութեամբ ձայնագրութիւններ կը հրապարակէ, որոնց հիմքով ընտրակաշառք տալու/ստանալու մեղադրանքով քրէական վարոյթներ կը նախաձեռնուին, անձինք կը ձերբակալուին, կը կալանաւորուին։