Իսրայէլի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի նախկին պետ Կատի Էյզենքոթի գլխաւորած «Եաշար» կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ դաշինքային համաձայնութիւն կնքած է ընդդիմադիր «Մեր տունը՝ Իսրայէլ» կուսակցութեան հետ՝ նոր կառավարութիւն կազմելու նպատակով։
«Եաշար»ի հաղորդմամբ՝ Էյզենքոթ Երեքշաբթի հանդիպած է «Մեր տունը՝ Իսրայէլ» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրմանի հետ, որմէ ետք կողմերը համաձայնութեան եկած են։ Սա Հոկտեմբեր 27-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ կնքուած առաջին նման համաձայնութիւնն է։
Նոյեմբեր 10-ին Իսրայէլի խորհրդարանը երդման արարողութեամբ սկսած է իր աշխատանքներուն՝ առանց նոր կառավարութեան կազմութեան։ Ընտրութիւններուն արդիւնքով վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու կորսնցուցած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, սակայն ընդդիմադիր ուժերն ալ չեն յաջողած յստակ մեծամասնութիւն ձեւաւորել։
Նախագահ Իսահաք Հերցոկ կառավարութիւն կազմելու մանթատը յանձնարարած է Կատի Էյզենքոթին։ Այդ ընթացքին Նաթանիահու կը շարունակէ պաշտօնավարել որպէս ժամանակաւոր վարչապետ։
Նաթանիահուի «Լիքուտ» կուսակցութեան եւ ծայրայեղ աջ ու ծայրայեղ ուղղափառ ուժերու դաշինքը ստացած է Քնեսէթի 120 աթոռներէն 53-ը։ Էյզենքոթի կեդրոնամէտ-աջակողմեան «Եաշար» կուսակցութիւնը եւ անոր հաւանական դաշնակիցները, ներառեալ՝ Լիպըրմանի կուսակցութիւնը, միասնաբար ունին 48 աթոռ։
Այնուամենայնիւ, Էյզենքոթ կրնայ աջակցութիւն ստանալ նաեւ Իսրայէլի արաբ փոքրամասնութիւնը ներկայացնող կուսակցութիւններէն, որոնք խորհրդարանին մէջ ունին 19 աթոռ եւ դէմ են Նաթանիահուի իշխանութեան շարունակման։