image

Խումբ մը ատրպէյճանցիներ փակած են Ստեփանակերտ- Գորիս մայրուղին

Խումբ մը ատրպէյճանցիներ փակած են Ստեփանակերտ- Գորիս մայրուղին

Քիչ առաջ Շուշի-Քարին տակ խաչմերուկի հատուածին մէջ քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը ատրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին:

Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբ։

Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան այս քայլով կը դիմէ սադրանքի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի ընդհատման եւ խաղաղ բնակչութեան հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկելու համար:

Միջադէպի վերաբերեալ պատշաճ տեղեկացուած է Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը: Արցախի լիազօր պետական մարմինները կը ձեռնարկեն բոլոր հնարաւոր միջոցները իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ: