28 յունիսին, Իսթանպուլի մէջ կայացող «Փոխադրային փոխկապակցուածութեան համաշխարհային ֆորում 2025»-ի ծիրէն ներս ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան երկկողմանի հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուի հետ։ Այս մասին յայտնած են տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային կապուղիներու զարգացման հնարաւորութիւններն ու երկիրներու միջեւ հնարաւոր համագործակցութեան հեռանկարները։