image

Նիւ Եորք. Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է սփիւռքահայ ուսանողներու հետ

Նիւ Եորք. Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է սփիւռքահայ ուսանողներու հետ

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Համահայկական ուսանողական միութեան անդամներուն հետ, որոնք ուսում կը ստանան ամերիկեան առաջատար համալսարաններու մէջ։

Վարչապետ Փաշինեան ուսանողներուն ներկայացուցած է «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութիւնն ու անոր սկզբունքները։

Կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է Սփիւռքի հետ կապերուն, կրթութեան որակի բարձրացման, պետական կառավարման համակարգ բարձրակարգ մասնագէտներ ներգրաւելու, ինչպէս նաեւ տարբեր ուղղութիւններով Կառավարութեան քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու։

Վարչապետը պատասխանած է նաեւ ներկաներուն հետաքրքրող շարք մը հարցումներու։