Խրիմն ու Սեւասթոփոլը Ռուսիոյ անբաժանելի մասն են, անոնց պատկանելութեան հարցը ընդմիշտ փակուած է՝ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Խրիմը Ռուսիոյ միացնելու 10-ամեակին նուիրուած տեսաուղերձով։
Նախարարի խօսքով՝ անցած տարիներու ընթացքին կրցած են յաղթահարել բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք ժառանգութիւն ստացած են Ուքրանիայէն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծած է, որ այսօր Խրիմն ունի զարգացման յստակ հեռանկարներ:
Լաւրովի խօսքով՝ Խրիմը Ռուսիոյ միացնելը թոյլ տուած է, որ պաշտպանուին թերակղզիի բնակիչներու կեանքը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը «ռուսատեաց Քիեւի ռեժիմի ոտնձգութիւններէն»: