image

Խրիմի գրոհը իրականացուած է 28 ԱԹՍ-ներով

Խրիմի գրոհը իրականացուած է 28 ԱԹՍ-ներով

Հակաօդային պաշտպանութեան եւ ռատիոելեկտրոնային պայքարի համակարգերը ետ մղած են անօդաչու սարքերու յարձակումը Խրիմի արեւելքի վրայ, յայտարարած է Խրիմի ղեկավար Սերկեյ Աքսեոնովը։

Անոր խօսքով՝ ինը անօդաչու սարք խոցուած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի կողմէ, 19-ը՝ ճնշուած ռատիոելեկտրոնային պայքարի համակարգերու միջոցով։ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ պարզաբանած է, որ 17 անօդաչու թռչող սարք խոցուած է, 11-ը՝ ճնշուած։

Աքսեոնովը Telegram-ի էջին գրած է, որ ոչ ոք տուժած է։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ աւերածութիւններ չկան։

Շրջանի ղեկավարը չէ յստակեցուցած, թէ որ կառոյցներու վրայ եղած է յարձակումը։ Թերակղզիի արեւելքը Խրիմի կամուրջն  է, որ նախօրէին՝ 17 յուլիսին, մասամբ քանդուած էր անօդաչու սարքերու յարձակման հետեւանքով։ Ռուսական կողմը միջադէպի համար մեղադրած է ուքրանական յատուկ ծառայութիւնները։ Քիեւ չէ ստանձնած յարձակման պատասխանատւութիւնը։