Հայ առաքելական եկեղեցին իբր անդրազգային կառոյց ունի գործառոյթներ որոնք Հայաստանէն դուրս Սփիւռքի Առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն եւ հետեւորդներուն ալ կը վերաբերին եւ այս առումով կը կրեն ազգային կնիք, աւելի քան Հայաստանի պետութիւնը, որուն իրաւասութիւնը կը սահմանուի Հայաստանի քաղաքացիներուն շահերու պաշտպանութեամբ. վերջին շրջանին յատկապէս ընդգծուած է այս երեւոյթը կառավարութեան կողմէ, որ կը ձգտի ռազմավարական հաշիւներէ մեկնած՝ զբաղիլ մասնաւորապէս երկրի անվտանգութեան ու տնտեսական զարգացման գործերով, նկատի առնելով տարածաշրջանի անկայուն ու պայթիւնավտանգ վիճակը։
Իրաց այս դրութիւնը Առաքելական եկեղեցին կը դնէ դժուար կացութեան առջեւ, մա՛նաւանդ երբ հարցը կ՚առընչուի Ռուսաստանին։ Արդարեւ, Մայիս 3-ին Ռուսաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Կիրիլ պատրիարքը անակնկալ այցելութիւն մը կատարեց Պաքու եւ Մեհրիպան Ալիեւան պարգեւատրեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Սուրբ հաւասար Օլգայի առաջին աստիճանի շքանշանով, հասարակութեան մէջ աւանդական արժէքներու պահպանման եւ միջմշակութային ու միջկրօնական երկխօսութեան խթանման անոր ներդրումը գնահատելու համար։
Մինչ Հռոմի կաթողիկէ Գրիգորեան համալսարանին մէջ Ազերպայճանի կազմակերպած համագումարը դատապարտումի մեծ ալիք ստեղծեց, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին լռութեամբ դիմաւորեց Կիրիլ պատրիարքի սոյն այցելութիւնը։ Նոյնպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Միայն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնն է որ եղելութիւնը դատապարտող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ուր կը նշէ. «Մենք խստագոյնս կը դատապարտենք պարգեւատրման՝ Կիրիլ պատրիարքի որոշումը եւ վստահ ենք, որ այդ մեծ շեղում մըն է Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատմական սկզբունքներէն։ Պատրիարքի այս քայլը զօրակցութեան վկայութիւն մըն է անոնց, որոնք միջազգային ասպարէզին վրայ կ՚իրականացնեն մշակութային եւ կրօնական ոչնչացում եւ մենք սա կ՛որակենք ակնյայտ թշնամանք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ»։
Հայ եկեղեցւոյ չորս նուիրական աթոռներէն մէկուն կողմէ Կիրիլ պատրիարքի արարքը կ՚որակուի ակնյայտ թշնամանք եւ սակայն լռութեամբ կը դիմաւորուի երկու կաթողիկոսութիւններու կողմէ։ Ի՞նչ է պատճառը։ Դեռ հասկնալի կ՚ըլլար եթէ Ռուսաց պատրիարքը պատուէր ազերի կրօնաւոր մը, սակայն կը պատուէ երկրին Առաջին տիկինը եւ միաժամանակ փոխնախագահը։ Այս քաղաքական նախաձեռնութեան ետին նախագահ Փութինի ստորագրութիւնը ըլլայ կամ չըլլայ, երեւոյթը յաղթանակ մըն է Ազերպայճանի դիւանագիտութեան, որ կրցած է հակառակ արցախահայութեան հանդէպ Ռուսաստանի՝ դասալքութեան, Ազերպայճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտման մեղսակցութեան, Հայաստանի հանդէպ դաշնակիցի իր պատասխանատւութիւններու զլացման, տակաւին Ալիեւները կը մեծարէ, այն ալ ձեռամբ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին, որ իբր քրիստոնեայ առաջնորդ կ՚անտեսէ հայ ժողովուրդին հանդէպ Ազերպայճանի պատերազմական, մարդկային իրաւանց եւ միջազգային իրաւունքի դէմ քրէական արարքները։
Մայիս ամսուան մէջ առիթները չէին պակսեր որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ձայն բարձրացնէր այս անարդարութեան մասին, ինչպէս՝ Մայիս 9-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմի Յաղթանակի տօնախմբութիւնը, Դատաւորներու եւրոպական միութեան (EAJ) տարեկան համաժողովի մասնակիցներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութիւնը, Հռոմի պապի յուղարկաւորութիւնը… Ազգային արժէքներու պահապան ազգային եկեղեցւոյ պետը կը դժկամի դատապարտելու «մեծ եղբայր» Ռուսաց եկեղեցւոյ արարքը, առանց անդրադառնալու այն վնասին որ կը պատճառէ միջազգային հանրութեան մէջ իր բարոյական համբաւին։
Հռոմի Կաթողիկէ համալսարանը դատապարտել Ազերպայճանի քարոզչութեան առթիւ, իսկ Ռուսաց եկեղեցւոյ առաջնորդին անարգական քայլին դիմաց լուռ մնալ՝ անարդար է ու խտրական։ Իսկ եթէ լռութիւնը Ռուսաստանի հայութեան ազգային շահերը պաշտպանելու նպատակը կը հետապնդէ, այն ժամանակ հարկ է նաեւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն որդեգրել Արեւմուտքի մէջ կայք հաստատած հայութեան շահերուն նկատմամբ։ Սա կ՚ենթադրէ նաեւ Հայաստանի պետութեան հետ համակարգուած քաղաքականութիւն վարելու պատրաստակամութիւն։
Ժ.Չ.