image

Իրանեան արդիական լցանաւը ճեղքած է ԱՄՆ-ի շրջափակումը

Իրանեան արդիական լցանաւը ճեղքած է ԱՄՆ-ի շրջափակումը

Իրանական արդիական լցանաւը, որ ունակ է փոխադրելու երկու միլիոն պարել նաւթ, յաջողութեամբ յաղթահարած է Միացեալ Նահանգներու ծովային շրջափակումը։ Այս մասին կը հաղորդէ Fars գործակալութիւնը։

«Պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ ներառուած արդիական լցանաւը հատած է բաց ծովը եւ Հորմուզի նեղուցը՝ առանց թաքնուելու, միացուած տեղորոշման համակարգով, եւ մտած է Իրանի տարածքային ջուրեր»,– ըսուած է հրապարակման մէջ։

Աւելի ուշ պարբերականը հաղորդած է իրանական երկրորդ նաւի Հորմուզի նեղուցը հատելուն մասին՝ ԱՄՆ-ի կողմէ իրականացուող ծովային շրջափակման լոյսի ներքոյ։ 

«Երկրորդ նաւը հատած է Հորմուզի նեղուցը եւ կը շարժի դէպի Իմամ Խոմեյնիի անուան նաւահանգիստ»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գործակալութեան տուեալներով՝ խօսքը պարենամթերք փոխադրող բեռնանաւի մասին է։ Միեւնոյն ժամանակ գործակալութիւնը չէ յստակեցուցած, թէ  նաւը ուրկէ շարժած է։

Միացեալ Նահանգներու կողմէ յայտարարուած շրջափակումը ուժի մէջ մտած է երկուշաբթի օր։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ ամերիկեան զինուորականները պիտի կանգնեցնեն բոլոր այն նաւերը, որոնք պիտի փորձեն օգտուիլ այդ երթուղիէն։ Ան նաեւ յանձնարարած էր հետեւիլ եւ կալանել այն նաւերը, որոնք Թեհրանին վճարած են անցման համար։

Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Bloomberg-ի տուեալներուն, Չինաստանի հետ կապուած Rich Starry լցանաւը, որ կը գտնուէր ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ, նախօրէին առանց սահմանափակումներու անցած է Հորմուզի նեղուցէն։