Որքան մօտենան ընտրութիւնները Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներն ու լրատուամիջոցները աւելի ու աւելի կը սաստկացնեն իրենց յարձակումները գործող իշխանութեան դէմ, ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ, այլ նաեւ ներքին` տնտեսական գետնի վրայ: Հետեւելով այդ շրջանակներու ելոյթներուն այն տպաւորութիւնը կ’ունենաս« որ հայաստանը քայքայման եզրին է, կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը աւելի վատ մակարդակի են` քան նախորդ իշխանութիւններուն ժամանակ, աղքատութիւնը համատարած է ու երկիրը կը դատարկուի:
Ասոնց կողքին պէտք չէ մոռնալ «300 հազար ատրպէյճանցիներու ժամանումը», «թրքական մզկիթներու բացումը», «Սիւնիքը օտարներուն յանձնումը» եւ միջազգային գետնի վրայ «Հայաստանի հեղինակազրկումը»: Այս բոլորը դուրս կու գան ընդդիմադիրներուն երեւակայութենէն:
Առայժմ կեդրոնանալով ներքին տնտեսական ու ընկերային հարցերուն վրայ կու գանք տեսնելու, որ վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան ընդդիմադրութեան բարձրացուցած աղմուկին ճիշդ հակառակ պատկերը:
Տարեվերջի տուեալներուն համաձայն, 2025 տարուան ընթացքին 1000 խոշոր հարկատուները պետական գանձին վճարած են աւելի քան 5.5 միլիառ տոլար: Այս գումարին վրայ պիտի գան աւելնալու այլ հարկատուներու եւ մաքսային տուրքերէն գոյացած գումարները, որոնց շնորհիւ 2026 թուականի Հայաստանի ընդհանուր պիւտճէի մուտքերու բաժինը նախատեսուած է 8 միլիառ տոլար, իսկ ընդհանուր պիւտճէն 9.4 միլիառ տոլար: Համեմատութեան համար յիշեցնենք, որ 2018 թուականին Սերժ Սարգսեանի ներկայացուցած վերջին պիւտճէն եղած է 3.04 միլիառ տոլար: Այսինքն եկամուտներն ու ծախսերը եռապատկուած են, ու այս հակառակ համաճարակին ու ապա պատերազմին ու անոր յաջորդող ներքին անկայունութեան: Այս պատկերը արդիւնք է բացառապէս աւելի մաքուր կառավարման ու համակարգային փտածութեան (քորուփցիայի) բացակայութեան: Երբ խոշոր հարկատուները կ’ամբողջացնեն պիւտճէի կէսէն աւելի« այդ կը նշանակէ, թէ անոնք իրենց ինկած բաժինը կը վճարեն պետութեան` փոխանակ կառավարութեան անդամներէն սկսած մինչեւ բարձրագոյն ղեկավարներուն` որպէս կաշառք: Այդ ապօրէն եկամուտներուն շնորհիւ է որ, նախկին վարչակարգի երեւելի անդամները դարձան տոլարային միլոնատէրներ ու կառուցեցին իրենց շքեղ դղեակներ` ի վնաս ժողովուրդի բարօրութեան ու կեանքի աւելի լաւ պայմաններու ապահովման:
Այս մուտքերուն շնորհիւ է որ, Հայաստանի մէջ տարեսկզբին սկսաւ գործել ընդհանուր առողջապահութեան համակարգը ու իւրաքանչիւր քաղաքացիի առողջութիւնը դարձաւ իրաւունք եւ ոչ թէ առանձնաշնորհում: Հարկերու հաւաքագրման շնորհիւ է, որ արդիական զէնքերով կ’օժտուի Հայոց Բանակը:
Կան նաեւ դրական վիճակագրական այլ տուեալներ եւս: Յեղափոխութենէն յետոյ ստեղծուած են 288 հազար աշխատատեղեր, իսկ միջին աշխատավարձը անցած է հազար տոլարի սահմանը` կրկնապատկելով նախայեղափոխական տարուան միջին աշխատավարձերը:
Ամփոփելու համար կ’արժէ յիշել մէկ այլ տուեալ եւս: 2010 թուականէն ասդին, առաջին անգամ ըլլալով երկիր մուտք գործած են աւելի մեծ թիւով` 8660 Հայաստանի քաղաքացիներ քան դուրս եկած են:
Հասկնալի է, որ ընդդիմադիր ուժերը իրաւունք ունին քննադատելու իշխող կուսակցութեան վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը, սակայն հիմնուելով միմիայն ճշգրիտ տուեալներու վրայ: Անոնք պարտաւոր են նաեւ ներկայացնելու իրենց ծրագիրները ու զանոնք կեանքի կոչելու միջոցներն ու եղանակները: Այս է« որ կը բացակայի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն մօտ ու անոնք իրենց գրաւը դրած են ժողովուրդի զգացումներուն վրայ խաղալու միջոցաւ ձայներ հաւաքելու յոյսին վրայ, որ սակայն չի կրնար բաւարար ըլլալ իշխանութեան հասնելու համար: Այդ ուժերը կրնան երկար աղմկել ու հրապարակը ողողել ապատեղեկատուութեամբ, սակայն իրենց գլխաւոր հակառակորդը կը մնան թիւերը, որոնք երբեք չեն ստեր:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»
01/31/2026