image

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Կաթողիկոսները անկարող՝ դատապարտելու Կիրիլ պատրիարքը

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Կաթողիկոսները անկարող՝ դատապարտելու Կիրիլ պատրիարքը

Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին իբր անդրազ­գա­յին կա­ռոյց ու­նի գոր­ծա­ռոյթ­ներ որոնք Հա­յաս­տա­նէն դուրս Սփիւռքի Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն եւ հե­տեւորդնե­րուն ալ կը վե­րաբե­րին եւ այս առու­մով կը կրեն ազ­գա­յին կնիք, աւե­լի քան Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը, որուն իրա­ւասու­թիւնը կը սահ­մա­նուի Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րուն շա­հերու պաշտպա­նու­թեամբ. վեր­ջին շրջա­նին յա­տկապէս ընդգծուած է այս երե­ւոյ­թը կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ, որ կը ձգտի ռազ­մա­վարա­կան հա­շիւ­նե­րէ մեկ­նած՝ զբա­ղիլ մաս­նա­ւորա­պէս երկրի անվտան­գութեան ու տնտե­սական զար­գա­ցման գոր­ծե­րով, նկա­տի առ­նե­լով տա­րածաշրջա­նի ան­կա­յուն ու պայ­թիւնավ­տանգ վի­ճակը։

Իրաց այս դրու­թիւնը Առա­քելա­կան եկե­ղեցին կը դնէ դժուար կա­ցու­թեան առ­ջեւ, մա­՛նաւանդ երբ հար­ցը կ՚առըն­չուի Ռու­սաստա­նին։ Ար­դա­րեւ, Մա­յիս 3-ին Ռու­սաստա­նի Ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ Կի­րիլ պատրիարքը անակնկալ այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տարեց Պա­քու եւ Մեհ­րի­պան Ալիեւան պարգեւատ­րեց Ռուս Ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ Սուրբ հա­ւասար Օլ­գա­յի առա­ջին աս­տի­ճանի շքան­շա­նով, հա­սարա­կու­թեան մէջ աւան­դա­կան ար­ժէքնե­րու պահ­պանման եւ միջմշա­կու­թա­յին ու միջկրօ­նական երկխօ­սու­թեան խթան­ման անոր ներդրու­մը գնա­հատե­լու հա­մար։ 

Մինչ Հռո­մի կա­թողի­կէ Գրի­գորեան հա­մալ­սա­րանին մէջ Ազեր­պայճա­նի կազ­մա­կեր­պած հա­մագու­մա­րը դա­տա­պար­տումի մեծ ալիք ստեղ­ծեց, Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միածի­ն լռու­թեամբ դի­մաւո­րեց Կի­րիլ պատ­րիար­քի սոյն այ­ցե­լու­թիւնը։ Նոյնպէս՝ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոսու­թիւնը։ Միայն Երու­սա­ղէմի Հա­յոց պատ­րիար­քութիւնն է որ եղե­լու­թիւնը դա­տապար­տող հա­ղոր­դագրու­թիւն մը հրա­պարա­կեց, ուր կը նշէ. «Մենք խստա­գոյնս կը դա­տապար­տենք պար­գե­ւատրման՝ Կի­րիլ պատ­րիար­քի որո­շու­մը եւ վստահ ենք, որ այդ մեծ շե­ղում մըն է Ռուս ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան սկզբունքնե­րէն։ Պատ­րիար­քի այս քայ­լը զօ­րակ­ցութեան վկա­յու­թիւն մըն է անոնց, որոնք մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզին վրայ կ՚իրա­կանաց­նեն մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նական ոչնչա­ցում եւ մենք սա կ՛որա­կենք ակնյայտ թշնա­մանք Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ դէմ»։

Հայ եկե­ղեց­ւոյ չորս նուիրա­կան աթոռ­նե­րէն մէ­կուն կող­մէ Կի­րիլ պատրիարքի արար­քը կ՚որա­կուի ակնյայտ թշնա­մանք եւ սա­կայն լռու­թեամբ կը դի­մաւո­րուի եր­կու կա­թողի­կոսու­թիւննե­րու կող­մէ։ Ի՞նչ է պատ­ճա­ռը։ Դեռ հասկնա­լի կ՚ըլ­լար եթէ Ռուսաց պատրիարքը պա­տուէր ազե­րի կրօ­նաւոր մը, սա­կայն կը պա­տուէ երկրին Առա­ջին տի­կինը եւ միաժա­մանակ փոխնա­խագա­հը։ Այս քա­ղաքա­կան նա­խաձեռ­նութեան ետին նա­խագահ Փու­թի­նի ստո­րագ­րութիւ­նը ըլ­լայ կամ չըլ­լայ, երե­ւոյ­թը յաղ­թա­նակ մըն է Ազեր­պայճա­նի դի­ւանա­գիտու­թեան, որ կրցած է հա­կառակ ար­ցա­խահա­յու­թեան հան­դէպ Ռու­սաստա­նի՝ դա­սալ­քութեան, Ազեր­պայճա­նի կող­մէ իրա­կանա­ցուած ցե­ղային զտման մեղ­սակցու­թեան, Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ դաշ­նա­կիցի իր պատաս­խա­նատ­ւութիւննե­րու զլա­ցման, տակաւին Ալիեւ­նե­րը կը մե­ծարէ, այն ալ ձեռամբ Ռուս ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ պատ­րիար­քին, որ իբր քրիս­տո­նեայ առաջ­նորդ կ՚ան­տե­սէ հայ ժո­ղովուրդին հան­դէպ Ազեր­պայճա­նի պա­տերազ­մա­կան, մարդկա­յին իրա­ւանց եւ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի դէմ քրէական արարքնե­րը։

Մա­յիս ամ­սուան մէջ առիթ­նե­րը չէին պակ­սեր որ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը ձա­յն բարձրացնէր այս անար­դա­րու­թեան մասին, ինչպէս՝ Մա­յիս 9-ին, Հա­մաշ­խարհա­յին Բ. պա­տերազ­մի Յաղ­թա­նակի տօ­նախմբու­թիւնը, Դա­տաւոր­նե­րու եւ­րո­պական միու­թեան (EAJ) տա­րեկան հա­մաժո­ղովի մաս­նա­կից­նե­րուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միածին այ­ցե­լու­թիւնը, Հռո­մի պա­պի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը… Ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րու պա­հապան ազ­գա­յին եկե­ղեց­ւոյ պե­տը կը դժկա­մի դա­տապար­տե­լու «մեծ եղ­բայր» Ռու­սաց եկե­ղեց­ւոյ արար­քը, առանց անդրա­դառ­նա­լու այն վնա­սին որ կը պատ­ճա­ռէ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան մէջ իր բա­րո­յա­կան համ­բա­ւին։

Հռո­մի Կա­թողի­կէ հա­մալ­սա­րանը դա­տապար­տել Ազեր­պայճա­նի քա­րոզ­չութեան առ­թիւ, իսկ Ռու­սաց եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդին անար­գա­կան քայ­լին դի­մաց լուռ մնալ՝ անար­դար է ու խտրա­կան։ Իսկ եթէ լռու­թիւնը Ռու­սաստա­նի հա­յու­թեան ազ­գա­յին շա­հերը պաշտպա­նելու նպա­տակը կը հե­տապնդէ, այն ժա­մանակ հարկ է նաեւ հա­ւասա­րա­կշռուած քա­ղաքա­կանու­թիւն որ­դեգրել Արեւ­մուտքի մէջ կայք հաս­տա­տած հա­յու­թեան շա­հերուն նկատ­մամբ։ Սա կ՚են­թադրէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան հետ հա­մակար­գուած քա­ղաքա­կանու­թիւն վա­րելու պատ­րաստա­կամութիւն։

 

Ժ.Չ.