Ուաշինկթընը խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման հարցով պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին։ Այս մասին լրագրողներու համար հերթական ճեպազրոյցին ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Մեթիւ Միլլըրը՝ մեկնաբանելով Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման չեղարկումը։
«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ այդ երկու կողմերու շահերէն կը բխի, տարածաշրջանի շահերէն կը բխի, կը բխի տարածաշրջանի եւ աշխարհի շահերէն, որ այս երկու կողմերը հասնին խաղաղութեան համաձայնագրի: Մենք պիտի շարունակենք պնդել»,-ըսած է Միլլըր։