Միացեալ Նահանգները կ՚ողջունէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակումն ու կը հաւատայ, որ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւնը շատ հաւանական է։
Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Մեթիւ Միլլըրը։
«Մենք կ՚ողջունենք հայ եւ ատրպէյճանցի գերիներու փոխանակումը, որ տեղի ունեցաւ այսօր, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններն այն մասին, որ կը քննարկուին վստահութեան ամրապնդմանն ուղղուած լրացուցիչ միջոցներ։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ այդ գործընթացն առաջ տանելու համար։ Մենք նախկինի պէս կը հաւատանք, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ են հասնելու ատոր», -ըսած է Արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչը։