image
Հրատապ լուրեր:

Խաղաղութեան հաստատման հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի քայլերն են. Միրզոյեան` Ռիքըրին

Խաղաղութեան հաստատման հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի քայլերն են. Միրզոյեան` Ռիքըրին

Դեկտեմբեր 3-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը։

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ-ն։

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առնչուող վերջին զարգացումները:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման դրսեւորումները, շարունակական սադրանքները եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները կը հանդիսանան տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման հիմնական խոչընդոտը:

Միտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ:

Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆիլիփ Ռիքըր միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ:

Անդրադառնալով տարածաշրջանի անվտանգային մարտահրաւէրներուն՝ ՀՀ ԱԳ նախարարը առանձնայատուկ շեշտած է ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակումներու հետեւանքներու վերացման եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն դուրսբերման հրամայականը: