Կազայի հատուածին մէջ հրադադարը կարճատեւ պիտի ըլլայ, որմէ ետք ռազմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին։ Այս մասին, ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը։
«Այն պիտի ըլլայ կարճատեւ դադար, որմէ ետք բուռն ռազմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին, եւ ճնշում պիտի գործադրուի աւելի շատ առեւանգուածներ վերադարձնելու համար: Դեռ առնուազն երկու ամիս մարտեր կը սպասուին», -ըսած է Կալանթը ռազմակայաններէն մէկուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժումը համաձայնած են չորսօրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ, որու ընթացքին պէտք է իրականացուի ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ պահուող պատանդներու եւ Իսրայէլի կողմէ ձերբակալուած պաղեստինցիներու փոխանակում։ Հրադադարը հաստատուած է նոյեմբեր 24-ին` ժամը 7:00-ին (Երեւանի ժամանակով 9:00-ին)։