ՀԱՄԱՍ շարժումն իր Telegram ալիքով հրապարակած է երեք պատանդներու կոչը Իսրայէլի իշխանութիւններուն։
«Քասսամի փաղանգներու (ՀԱՄԱՍ-ի զինեալ թեւ) կողմէ պահուող շարք մը սիոնիստ բանտարկեալներ ուղերձ յղած են Նաթանիահուին (Բենիամին Նաթանիահու – Իսրայէլի վարչապետ) եւ սիոնիստական կառավարութեան»,-ըսուած է տեսանիւթին կից գրութեան մէջ։
Տեսանիւթին մէջ պատանդներէն մէկը դիմած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին։ Կնոջ խօսքով՝ ՀԱՄԱՍ-ի բանտարկեալները կը տառապին «քաղաքական եւ ռազմական անյաջողութեան» եւ «ձախողման» պատճառով, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները թոյլ տուած են հոկտեմբեր 7-ին։
«Ոչ մէկ զինուոր տեղը չէ եղած, մեր մօտ ոչ ոք եկած է, մեզ ոչ ոք պաշտպանեց, իսկ մենք՝ անմեղ ու միամիտ քաղաքացիներս, Իսրայէլ պետութեան հարկ վճարող քաղաքացիներս, այժմ «առանց պայմաններու» պայմաններով գերութեան մէջ ենք», -ըսած է գերին:
Ելոյթի աւարտին կինը կը ճչայ եւ կը պահանջէ զատ արձակել իսրայէլեան բանակի կողմէ գերեվարուած պաղեստինցիները, որ ՀԱՄԱՍ-ի պատանդները նոյնպէս վերադառնան իրենց ընտանիքներ։
Իր հերթին, իսրայէլեան Yedioth Ahronoth թերթը, մեկնաբանելով տեսաուղերձի տեսքը, նշած է, որ այն «հոգեբանական պատերազմի մաս է»՝ ընդգծելով, որ տեղեկութիւններ չկան, թէ ուր, երբ եւ ինչ հանգամանքներու մէջ նկարահանուած է այս տեսանիւթը։
Հոկտեմբեր 20-ին «Քասսամ փաղանգները» յայտարարեցին Քաթարի միջնորդութեամբ ԱՄՆ երկու քաղաքացիներու ազատ արձակման մասին։ Հոկտեմբեր 23-ին այն ազատ արձակած է եւս երկու պատանդ։
Ինչպէս կը յիշեցնէ ТАСС-ը, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Տանիէլ Հակարին հոկտեմբեր 29-ին յայտնած է, որ Կազայի հատուածին մէջ պատանդ պահուողներու թիւը, վերջին թարմացուած տուեալներու համաձայն, առնուազն 239 է։