image

Պէյրութի մէջ. Հայկազեան Համալասարանը հիմնած է հայկական զարդանախշերու նոր աշխատանոց

Պէյրութի մէջ. Հայկազեան Համալասարանը հիմնած է հայկական զարդանախշերու նոր  աշխատանոց

Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար Հայկազեան համալսարանը Ապրիլ 4-12ին կազմակերպեց հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի աշխատանոցներ: Արդարեւ, Հայկազեան համալսարանը հրաւիրեց թանգարանի երկու աշխատակիցներ՝ փայտաքանդակի վարպետ Պր. Վահէ Մնացականեանը եւ փոխտնօրէն տիկ. Գայիանէ Ասլանեանը, որոնք այցելեցին լիբանահայ դպրոցներ եւ շուրջ երկուքուկէս ժամանի աշխատանոցներու միջոցով աշակերտ-աշակերտուհիներու ծանօթացուցին ու սորվեցուցին հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի արուեստի առաջին հմտութիւնները:

Մասնագէտները աշխատանոցներ կազմակերպեցին Հայ Աւետ. գոլէճի, Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ Աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Այնճարի Հայ Աւետ. վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան գոլէճի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ Սբ. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Րաուտայի Մխիթարեան վարժարանի, Համազգայինի Հայկ եւ Մ. Արսլանեան ճեմարանի, ԹՄՄ Վահան Թէքէեան վարժարանի եւ ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճին մէջ, ուր աշակերտներուն տրամադրուեցան փորագրութեան գործիքներ եւ 10x10 սմ. քառակուսի չափով պատրաստուած լորենիի տախտակներ: Աշակերտներուն կը մնար փորագրել փայտերուն վրայ արդէն իսկ գծուած զարդանախշը:

Այս աշխատանոցներուն մասնակցեցան շուրջ 450 աշակերտներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, իսկ կրթարաններու պատասխանատուներ փափաք յայտնեցին աշխատանոցային երկրորդ առիթ մը յառաջացնել աշակերտութեան աւելի մեծ թիւ ընդգրկելու համար:

Հայկազեան համալսարանին մէջ, մասնագէտները երէցներու համար երեկոյեան յատուկ աշխատանոց մը կազմակերպեցին, որուն մասնակցեցան 15 անձեր:

Յաջորդական չորրորդ տարին է որ Հայկազեան համալսարանը՝ Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ նման աշխատանոցներ, որոնք իմիջիայլոց կը նպատակադրեն նորահաս հայ սերունդները արուեստի ու մշակոյթի կապերով եւս հարազատացնել հայ արուեստի զանազան դրսեւորումներուն:

Շնորհակալութիւն լիբանահայ կրթարաններու տնօրէնութեանց որոնք ընդառաջեցին եւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին այս օգտաշատ ծրագրին իրականացման:

Տեղին է յիշել, թէ Տիկ. Ասլանեան, յանուն Թանգարանին` լիբանահայ երիցագոյն պղնձագործ Զաւէն Գազանճեանին յանձնեց պղնձագործութեան ոլորտին մէջ ժողովրդական վարպետի կոչումի հաստատագիր. ասիկա առաջինն է որ կը տրուի որեւէ սփիւռքահայու: Ուրախալի է նաեւ, որ մուսալեռցի Ծաղիկ Եսայի Աբրահամեանի յետնորդները Թանգարանին նուիրեցին խոզակներով յարդարուած աւելի քան ութսունամեայ թաւշեայ կտաւ մը: