Ֆրանսահայ իրաւաբան Սեւան Քարեան Արմաւիրի մէջ 2021ին հիմը դրաւ «Սարդարապատ» ֆութպոլի ակումբին, որ կը շարունակէ յաջողութիւններ արձանագրել եւ ներկայիս առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Քարեան, որ կը ներկայացնէ ֆրանսացի աստղ Անթուան Կրիզմընի եւ արժանթինցի Ֆաքունտօ Մենիայի պէս մարզիկներ, Արմաւիրի մէջ այդպիսի ակումբ մը հիմնելու իր նպատակին հասած է՝ համագործակցելով «Էմպըր Քեփիթըլ»ի եւ ֆրանսական «Լենս» ֆութպոլի ակումբէն գործարար Ճոզէֆ Ուղուրլեանի, «Մոտերնա»էն Նուպար Աֆէյեանի, «Սըրվիս Թայթըն»էն Արա Մահսէրէճեանի եւ այլոց հետ:
Արարատ լերան շուքին տակ գտնուող «Սարդարապատ»ը որդեգրած է «Ծնուած Յաղթանակից» նշանաբանը: Անոր գլխաւոր եւ 3120 նստատեղի ունեցող մարզադաշտին եւ յարակից այլ դաշտերուն վրայ կը մարզուին զանազան տարիքի տղոց 17 եւ աղջիկներու երկու խումբեր, Հայաստանի ֆութպոլի ապագայ աստղերը մշակելու եւ խումբը եւրոպական մրցաշարքերու հասցնելու ատակ մարզիկներ մէջտեղ բերելու նպատակով:
Ակումբին կայքին վրայ կ՛ըսուի հետեւեալը․ «Սարդարապատը հայ ազգի կարեւորագոյն խորհրդանիշերից մէկն է, որն առնչւում է 1918ի պատերազմում տարած փառահեղ յաղթանակի եւ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան հետ։ Սարդարապատի յուշահամալիրը տեղակայուած է Արմաւիրում, մեր ակադեմիայից ոչ հեռու։ Այս յուշահամալիրի հետ կապուած պատմական իրադարձութիւններն են հիմք հանդիսացել ստեղծել մեր կարգախօսը՝«Ծնուած Յաղթանակից»»։
Ակումբին շուրջ 40 արհեստավարժ մարզիչները կը մարզեն մօտաւորապէս 500 մարզիկներ, որոնք մեծապէս կ՛օգտուին նաեւ ֆրանսական «Լենս» եւ սպանական «Աթլեթիքօ Մատրիտ» ֆութպոլի ակումբներուն հետ »Սարդարապատ«ին կնքած համագործակցութեան համաձայնութիւններէն:
Խումբը վերջերս հրապարակ հանեց 2025-2026 տարեշրջանի իր նոր մարզաշապիկը, որ տրամադրելի է store.sardarapatfc.am կայքին վրայ:
Խումբին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։