image

Կարմիր Խաչը դեղորայք հասցուցած է Արցախ

Կարմիր Խաչը դեղորայք հասցուցած է Արցախ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, 2 փետրուարին, դեղորայք փոխադրած է Արցախ՝ նախատեսուած բժշկական հաստատութիւններու համար։

Տեղեկութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։

Յիշեցնենք՝ երէկ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ 6 հիւանդ Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստանի հիւանդանոցներ։