Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները դեկտեմբեր 24-ին եւ 25-ին տեսակցած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ անձանց, անոնց հետ առանձնազրոյցներ ունեցած։
Այս մասին յայտնած է Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագրերու պատասխանատու Զառա Ամատունին։
«Համաձայն մեր կազմակերպութեան ընթացակարգերի եւ ձեւաչափի՝ մեր թիմի անդամները առանձնազրոյցների ձեւաչափով զրուցել են պահուող անձանցից իւրաքանչիւրի հետ՝ բնականաբար, նպատակ ունենալով գնահատել պահման պայմանները, առողջական վիճակը եւ նրանց հանդէպ վերաբերմունքը»,-նշած է Զառա Ամատունին:
Հաշուի առնելով, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) Պաքուի մէջ այլեւս ներկայացուցչութիւն չունի՝ այցը կազմակերպուած է անմիջապէս Ժընեւէն՝ կազմակերպութեան գլխամասէն։
«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) պատրաստակամ է այս ուղղութեամբ շարունակական աշխատանք կատարել»,-ընդգծած է Ամատունին։
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Պաքուի մէջ կը պահուի 23 հայ, որոնցմէ 5-ը գերեվարուած են 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, իսկ միւսներն ապօրինի մեղադրանքներով ձերբակալուած են 2023 թուականին։ Պաքուի մէջ պահուող հայերու, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ կ՚ընթանայ շինծու դատական գործընթաց։ 23 անձէն մի քանիի մասով արդէն իսկ դատավարութիւններն աւարտած են, դատախազները հանդէս եկած են մեղադրական ճառերով։