image

Կառավարութիւնը Հռոմի ստատուտը ուղարկած է Ազգային Ժողով

Կառավարութիւնը Հռոմի ստատուտը  ուղարկած է Ազգային Ժողով

Կառավարութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը (Հռոմի ստատուտ) ուղարկած է Ազգային ժողով՝ վաւերացման: Այս մասին կը տեղեկացնեն վարչապետի աշխատակազմի Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Հայաստանի կառավարութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի՝ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման գործընթացը մեկնարկեց 2022-ի վերջը։ Գործադիրը դիմեց Սահմանադրական Դատարան՝ պարզելու, թէ արդեօք աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ ստորագրուած, սակայն չվաւերացուած փատաթուղթը կը համապատասխանէ ՀՀ Սահմանադրութեան։

Սահմանադրական դատարանը մարտ 24-ին Միջազգային քրէական դատարանի՝ Հռոմի կանոնադրութիւնը ճանչցաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխանող։

Ըստ կառավարութեան՝ վաւերացումէն ետք Հայաստանը հնարաւորութիւն կ'ունենայ դիմելու Միջազգային քրէական դատարան՝ Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները միջազգային իրաւական քննութեան առարկայ դարձնելու համար։

Միջազգային քրէական դատարանի թեման սկսաւ աշխուժ քննարկուիլ հասարակական-քաղաքական շրջանակներէն ներս 17 մարտէն ետք, երբ յայտնի դարձաւ, որ դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռուսիոյ երեխայի իրաւունքներու պաշտպան Մարիա Լվովա-Պելովային ձերբակալման կարգադրութիւն արձակած է։