image

Կամ բռնի ուժով, կամ ինքնակամ. Թրամփ իրանեան ուրանի մասին

Կամ բռնի ուժով, կամ ինքնակամ. Թրամփ իրանեան ուրանի մասին

Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Թեհրան յուսահատօրէն կը փափաքի գործարք կնքել։ ԱՄՆ նախագահը կրկնած է, որ գործարքը կարելի պիտի ըլլայ, եթէ Իրան հրաժարի միջուկային զէնք ունենալու մտադրութենէն։

«Անոնք կամ ինքնակամ կերպով պիտի յանձնեն հարստացուած ուրանը, կամ մենք պիտի առնենք զայն»,– շեշտած է Սպիտակ տան ղեկավարը։

Թրամփ աւելցուցած է, որ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու անհրաժեշտութիւն տակաւին չի տեսներ։

Զուգահեռաբար, Իսրայէլէն չեն բացառեր Իրանի դէմ հարուածները։ Հրէական պետութեան պաշտպանութեան նախարարը յայտարարած է, որ Իրան վերջին մէկ տարուան ընթացքին «շատ լուրջ վնասներ կրած է» եւ ետ մղուած է ռազմական ու ռազմավարական առումով։ Իսրայէլ Քացի խօսքով՝ Տանըլտ Թրամփը եւ Բենիամին Նաթանիահուն կը համակարգեն ջանքերը՝ նախանշուած նպատակներուն հասնելու համար։