Թեհրանի կողմէ Ուաշինկթընի շրջանակային առաջարկի ընդունման պարագային կողմերուն 30-օրեայ բանակցութիւններ կը սպասուին՝ հանգամանալի համաձայնագիրի շուրջ։ Ամերիկեան կողմին պահանջներու շարքին են Իրանի առանցքային միջուկային կառոյցներուն քանդումը եւ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ուրանի հարստացման 20-ամեայ ժամանակաւոր կասեցումը։ Այս մասին կը գրէ «The Wall Street Journal»-ը։
Յղում ընելով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ հրատարակութիւնը կը գրէ, որ ԱՄՆ կը ձգտի Իրանի մէջ ուրանի հարստացման 20-ամեայ ժամանակաւոր արգելք սահմանելու եւ կը պահանջէ բոլոր հարստացուած միջուկային նիւթերուն յանձնումը։
Բացի այդ, հրապարակման համաձայն, ԱՄՆ-ու պահանջներուն շարքին են Իրանի կողմէ հաստատումը, որ ան պիտի չձգտի միջուկային զէնք ունենալու, ինչպէս նաեւ Ֆորտոյի, Նաթանզի եւ Սպահանի կառոյցներուն վերացումը, որոնց դէմ ԱՄՆ հարուածներ հասցուցած էր 2025 թուականի Յունիսին։