«Ակօս»ի նահատակեալ խմբագիր Հրանդ Տինքի 18-րդ Միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 15 Սեպտեմբերին՝ Տինքի ծննդեան տարեդարձին, որուն ընթացքին 2026-ի մրցանակները յանձնուեցան Թուրքիայէն բնապահպան եւ իրաւապաշտպան Սիւհէյլա Տօղանի եւ Պաղեստինէն իրաւապաշտպան Ռաճի Սուրանիի։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Ակօս»ի նահատակեալ խմբագիր Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը աւանդաբար տեղի ունեցաւ 15 Սեպտեմբերին` լրագրողի ծննդեան օրը։ Այս տարուանը թիւով 18րդն էր։ Հանդիսաւոր միջոցառումը տեղի ունեցաւ «Մուհսին Էրթուղրուլ» թատերասրահին մէջ, միաժամանակ սփռուելով նաեւ համացանցի զանազան հարթակներու վրայ։ Մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի եւս համախմբեց մարդկային իրաւունքներու, արդարութեան, բնապահպանութեան եւ խաղաղութեան համար պայքարող անուններ ու նախաձեռնութիւններ։
2026-ի Հրանդ Տինքի Միջազգային Մրցանակներուն արժանացան Թուրքիայէն բնապահպան եւ իրաւապաշտպան Սիւհէյլա Տօղան եւ Պաղեստինէն իրաւապաշտպան Ռաճի Սուրանի։
Երեկոն բացուեցաւ Սասա Սերափի ելոյթով՝ Վոլքան Եավուզերի ընկերակցութեամբ։ Հանդիսավարն էր Շեպնէմ Հասանիսուղի։ Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքել Տինք Հիմնարկին անունով ողջունեց ներկաներն ու հանդիսութեան հեռուէն հետեւողները։
Միջազգային մրցանակի յանձնախումբի հրաւէրով խօսք առաւ Թուպա Չանտար, որ Հրանդ Տինքի կեանքին ու մարդկային կերպարին անդրադարձաւ յատկանշական բնորոշումով մը՝ «Հրանդ Տինք նաեւ ամոքող մըն էր»։ Իր խօսքի գլխաւոր պատգամն էր, որ հայերու եւ թուրքերու ապաքինման ճամբան իրարու հասնելէ, խօսելէ, զիրար հասկնալէ եւ անցեալին հետ առերեսուելէ կ'անցնի։
Մրցանակաբաշխութեան «Լոյսեր 2026» բաժնին մէջ այս տարի եւս ներկայացուեցան անհատներ ու շարժումներ, որոնք աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կը պայքարին անարդարութեան, խտրականութեան, բռնութեան, բնութեան աւերումին եւ իրաւունքներու խախտումներուն դէմ։
Ողջունուեցան Հարաւային Ափրիկէի «Կիներ՝ փոփոխութիւններու համար» շարժումը, Կազզէի «Կազզէի արեւի լոյսերը» խումբը, Պելֆասթի ցեղապաշտական բռնութեան դէմ փողոց իջած ժողովուրդը, Մարտինի Տարկեչիթ գաւառի անհետ կորսուածներու հարազատները, Հնդկաստանի Փիփլոտի գիւղէն Մոր Սինկը, Ալպանիոյ «Ֆլամինկոյի յեղափոխութիւն» բնապահպանական շարժումը, «Հինտ Ռաճապ Հիմնարկ»ը, Կրենլանտի Ինուիթ կիներու պայքարը, Թուրքիոյ «Արդարութեան հետամուտ ընտանիքներ» հարթակն ու «Առաքիչներու իրաւունքներու միութիւն»ը։
«Լոյսեր 2026»ի շարքին ուշադրութեան արժանացան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գաղթականներու զանգուածային ձերբակալութիւններուն դէմ ծաւալած բողոքները, Օսլոյի մէջ ԼԳՊՏ փլաս իրաւունքներու համար տարուած պայքարը եւ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ Զ սերունդի կողմէ փտածութեան, տնտեսական անհաւասարութեան եւ հակաժողովրդավարական վարչակարգերու դէմ կազմակերպուած շարժումները։
Երեւանէն հանդիսութեան միացան Աննա Սառա Պօղոսեան եւ Րաֆֆի Հայրա։ Այս առթիւ վերյիշուեցաւ Հրանդ Տինքի բնորոշումը, զոր ան գործածած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն համար. «Իրարու մօտ երկու ժողովուրդը եւ իրարմէ շատ հեռու երկու դրացիներ»։
Մաղթանք հնչեց որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ շփումները հետզհետէ աւելնան, իսկ բնականոնացման ուղղութեամբ առնուած քայլերը շարունակուին ու ամրապնդուին՝ ապագայի համար օրինակելի ընթացքի մը վերածուելով։
2026ի մրցանակին Թուրքիայէն արժանացաւ Սիւհէյլա Տօղան՝ Քազտաղլարը եւ շրջանի բնական ու մշակութային հարստութիւնը պաշտպանելու, կիներու մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարելու եւ բնութեան կործանումին սպառնացող ծրագիրներուն դէմ իր ձայնը աննահանջ բարձրացնելու համար։
Միւս մրցանակակիրը՝ պաղեստինցի իրաւապաշտպան Ռաճի Սուրանի, գնահատուեցաւ Կազզէի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումները փաստագրելու իր շարունակական աշխատանքին, օրէնքի գերակայութեան եւ արդարութեան պաշտպանութեան համար։
Հանդիսութեան երաժշտական բաժիններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մարալ Այվազ եւ երաժիշտ բարեկամները, ինչպէս նաեւ Արի Պարոքաս ու իր ընկերակից երաժիշտները։
Երեկոյի գլխաւոր պատգամը ամփոփուած էր երկու նշանաբաններու մէջ՝ «Համերաշխութիւնը կը զօրացնէ» եւ «Բազմապատկէ յոյսը»։