Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը հետեւեալն է՝ աջակցիլ Ուքրանիոյ, բայց խուսափիլ Ռուսիոյ հետ պատերազմէն:
«Նախագահ Պայտըն ի սկզբանէ, առաջին իսկ օրէն, համոզուած էր երկու բանի մէջ. որ մենք պէտք է ընենք հնարաւոր ամէն ինչ Ուքրանիոյ աջակցելու համար, քանի որ Ուքրանիոյ դէմ յարձակումը ոչ միայն յարձակում էր ուքրանացի ժողովուրդի եւ երկրի դէմ, այլեւ բոլորի՝ միջազգային համակարգի հիմնական սկզբունքներու դէմ: Բայց ան նաեւ համոզուած է, որ մենք պէտք է խուսափէինք Ռուսիոյ հետ պատերազմէն, մագլցումէն՝ ըլլայ այդ սովորական, թէ միջուկային: Եւ այսպէս, այդ ժամանակէն ի վեր ան մեծ յստակութեամբ կ՚առաջնորդուի այս ուղղութեամբ՝ աջակցելով Ուքրանիոյ, բայց խուսափելով Ռուսիոյ հետ պատերազմէն», -ըսած է Պլինքըն: