Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին երեքշաբթի առաւօտեան ժամանած է Քիեւ՝ հանդիպելու Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Այս մասին յայտնած է ANSA գործակալութիւնը։
Անոր խօսքով՝ այցի շրջածիրէն ներս Իտալիոյ վարչապետը պիտի այցելյ Պուչա եւ Իրպեն:
Սա Մելոնիի առաջին այցն է Ուքրանիա։ Նախօրէին ան այցելած էր Վարշավա։ Մելոնին բազմիցս յայտարարած է իր հաւատարմութիւնը ուքրանական ճգնաժամի հարցով ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան գծին: Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Հռոմը պիտի շարունակէ օգնութիւն տրամադրել Քիեւին, այդ շարքին՝ ռազմական: