image

Քաթարի վարչապետը ԱՄՆ-ին եւ Իրանին կոչ ըրած է երկխօսութեան եւ յուշագրի պայմանները յարգելու

Քաթարի վարչապետը ԱՄՆ-ին եւ Իրանին կոչ ըրած է երկխօսութեան եւ յուշագրի պայմանները  յարգելու

Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամմատ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին Թեհրանին եւ Ուաշինկթընին կոչ ըրած է վերադառնալու երկխօսութեան եւ գործադրելու փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ ամրագրուած պայմանաւորուածութիւնները։ Այս մասին հաղորդած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Զրոյցին ընթացքին Քաթարի կառավարութեան ղեկավարը շեշտած է, որ բոլոր կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ իրականացնեն փոխըմբռնման յուշագիրի շրջածիրէն ներս համաձայնեցուած պայմանները։

Կողմերը քննարկած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ռազմական լարուածութեան սրացումը։

Շէյխ Մոհամմատ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին նաեւ դատապարտած է Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու դէմ վերջերս կատարուած յարձակումները՝ նշելով, որ նման գործողութիւնները կը խաթարեն փոխադարձ վստահութիւնը, կը սպառնան միջազգային նաւագնացութեան անվտանգութեան եւ կը վնասեն տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն։