image

Իսրայէլին աջակցիլը կրնայ յանգեցնել ԱՄՆ-ի դէմ նոր ճակատներու բացման. Իրանի արտգործնախարար

Իսրայէլին աջակցիլը կրնայ յանգեցնել ԱՄՆ-ի դէմ նոր ճակատներու բացման. Իրանի արտգործնախարար

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը յայտարարած է, որ այն լիակատար աջակցութիւնը, որ Ուաշինկթըն կը ցուցաբերէ Իսրայէլին, կրնայ յանգեցնել ԱՄՆ-ի դէմ նոր ճակատներու բացման: Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

Նախարարն ընդգծած է, որ հակամարտութեան սրումը կը յանգեցնէ Կազայի հատուածի բնակչութեան ոչնչացման, եւ իրավիճակը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: