image

Իսրայէլի Գերագոյն դատարանը մերժած է Նաթանիահուն պաշտօնանկ ընելու միջնորդութիւնը. The Jerusalem Post

Իսրայէլի Գերագոյն դատարանը մերժած է Նաթանիահուն պաշտօնանկ ընելու միջնորդութիւնը. The Jerusalem Post

Երկուշաբթի՝ 27 մարտին, Իսրայէլի արդարադատութեան բարձրագոյն դատարանը մերժած է վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն պաշտօնանկ ընելու հարցով իսրայէեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու միջնորդութիւնը՝ պատճառաբանելով, որ դատական միջամտութիւնը վերջին միջոցն է՝ մնացած բոլոր ուղիները սպառելէ ետք, գրած է The Jerusalem Post-ը։

Միջնորդութիւնը համարուած է անընդունելի, եւ դիմումատուներուն յանձնարարուած է պետական գանձարան ծախսերու համար վճարել 5000 շեքել:

Միջնորդագիրը ներկայացուած է կիրակի՝ ի պատասխան հինգշաբթի Նաթանիահուի ելոյթի, որուն մէջ ան ըսած է, որ ինքն ալ ներգրաւուած է դատական բարեփոխումներուն:

Haaretz-ն ալ վկայակոչելով Լիքուտի աղբիւրները, յայտնած է, որ Նաթանիահուն, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յայտարարէ դատաիրաւական բարեփոխումները սառեցնելու մասին: Իսրայէլցիները կը սպասեն այդ յայտարարութեան: