2023-ի հոկտեմբերէն ի վեր իսրայէլցիներու կողմէ ձերբակալուած հազարաւոր պաղեստինցիներ դուրս տարուած են Կազայի հատուածէն, ընդ որում, առնուազն 53 մարդ մահացած է Իսրայէլի բանտերուն եւ ռազմական կառոյցներուն մէջ: Այդ տուեալները ներկայացուած են ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան՝ Ժընեւի մէջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ։
«(2023 թուականի) հոկտեմբեր 7-էն հազարաւոր պաղեստինցիներ, ներառեալ բժշկական անձնակազմ, հիւանդներ եւ հակամարտութենէն փախչող տեղի բնակիչներ, ինչպէս նաեւ գերի ինկած զինեալներ Կազայի հատուածէն տարուած են Իսրայէլ՝ սովորաբար կապանքներով եւ կապած աչքերով: Նաեւ հազարաւորները ձերբակալուած են Յորդանան գետի արեւմտեան ափին եւ Իսրայէլի մէջ», - նշուած է զեկոյցին մէջ։
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան մէջ արձանագրած են, որ որպէս կանոն, «անոնց պահած են գաղտնի, առանց բացատրելու անոնց ձերբակալման պատճառները, առանց փաստաբանի հասանելիութեան կամ արդիւնաւէտ դատական վերահսկողութեան»:
Ըստ զեկոյցի՝ յայտնի է, որ առնուազն 53 պաղեստինցի կալանաւորներ մահացած են իսրայէլեան ռազմական կառոյցներու եւ բանտերու մէջ։
Զեկոյցին մէջ բերուած են տուեալներ կալանքի տակ գտնուողներու «սարսափելի պայմաններու», ինչպէս նաեւ «խոշտանգումներու եւ դատավարութեան երաշխիքներու խախտումներու» մասին, որ յարուցած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրքի «լուրջ անհանգստութիւնը կամայականութեան եւ այդ կալանքներու՝ ըստ էութեան պատժիչ բնոյթի առիթով»:
«Միջազգային իրաւունքը կը պահանջէ, որ ազատութենէ զրկուած բոլորի հետ վերաբերին մարդկայնօրէն եւ արժանապատուօրէն, եւ այն խստիւ կ՚արգիլէ խոշտանգումները կամ այլ դաժան վերաբերմունքը», -յիշեցուցած է Թիւրքը:
ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարն անդրադարձած է նաեւ «Համաս»-ի մօտ հոկտեմբերէն պահուող իսրայէլցի պատանդների վիճակին՝ նշելով, որ անոնք եւս կը պահուին սարսափելի պայմաններու մէջ, առանց բաւարար սնունդի եւ ջուրի, առողջապահական վատ պայմաններու մէջ։ Ըստ զեկոյցի՝ շատերուն ծեծի կ՚ենթարկեն, կ՚ենթարկեն սեռական բռնութեան։ Ֆոլքեր Թիւրքը կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակելու Կազայի հատուածին մէջ պահուող բոլոր պատանդները, մանրակրկիտ հետաքննել բոլոր միջադէպերը, որոնք յանգեցուցած են միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումներու, եւ պատասխանատւութեան ենթարկել մեղաւորներուն: