image

Իսրայէլ Կաց արձագանգած է Էրտողանի յայտարարութեան՝ յիշեցնելով Սատամ Հիւսէյնի ճակատագիրը

Իսրայէլ Կաց արձագանգած է Էրտողանի յայտարարութեան՝ յիշեցնելով Սատամ Հիւսէյնի ճակատագիրը

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացը պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի սպառնալից յայտարարութեան, ըսելով, որ ան կրնայ կրկնել Իրաքի ղեկավար Սատամ Հուսէյնի ճակատագիրը:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ առաջնորդը յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիան զօրաւոր ըլլայ, ապա կրնայ «մտնել» Իսրայէլ, ինչպէս նախապէս մտած է Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լիպիա:

«Էրտողան կը քալէ Սատամ Հուսէյնի ճանապարհով եւ կը սպառնայ յարձակիլ Իսրայէլի վրայ։ Պարզապէս յիշեցէք, թէ ինչ տեղի ունեցած է այնտեղ եւ ինչով աւարտած», - գրած է Կաց X-ի իր էջին։

Յիշեցնենք, որ Էրտողան յաճախ սուր քննադատութեամբ հանդէս կու գայ Իսրայէլի իշխանութիւններու հասցէին՝ Կազայի հատուածին մէջ անոնց գործողութիւններու պատճառով: Միեւնոյն ժամանակ ան Թուրքիոյ մէջ քննադատութեան կ՚ենթարկուի Իսրայէլի հետ առեւտուրը շարունակելու համար։