image

Իրանը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան միանալու յուշագիր ստորագրած է

Իրանը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան միանալու յուշագիր ստորագրած է

Իրան Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) շրջածիրէն ներս պարտաւորութիւններու յուշագիր ստորագրած է: Փաստաթուղթը երկրի համար ճանապարհ կը բանայ կազմակերպութեանն անդամակցելու համար, գրած է kommersant.ru-ն։

Ուզպեքստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցչի խօսքով՝ յուշագիրը ստորագրած են Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտլ Լահիանը եւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Չժան Մինկը։

Սամարղանտի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, որ տեղի կ'ունենայ 15-16 սեպտեմբերին, ներկայ է Իրանի նախագահ Իրպահիմ Ռէյիսին։ Հաղորդուած է, որ Իրանի հետ մէկտեղ կազմակերպութեան միանալու մտադրութիւն ունի նաեւ Պելառուսիան։