Իրանը պատասխանէ պիտի տայ Միացեալ Նահանգներու յարձակման եւ թոյլ պիտի չտայ որեւէ միջամտութիւն Հորմուզի նեղուցի կառավարման հարոցով։ Այս մասին յայտնած է Իրանի զինուած ուժերու «Խաթամ ալ-Անպիա» կեդրոնական շտապի հրամանատարութիւնը։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը վճռական պատասխան պիտի տան Միացեալ Նահանգներու յարձակման եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն, եւ ոչ մէկ պարագայի պիտի արտօնեն, որ անոնք միջամտեն Հորմուզի նեղուցի գործերուն կամ ստանձնեն անոր կառավարումը»,– ըսուած է հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ, Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յայտնած էր Իրանի դէմ իրականացուած լայնածաւալ հարուածներու մասին՝ իբրեւ պատասխան Հորմուզի նեղուցին մէջ երեք նաւերու դէմ Իրանի կողմէ, ըստ ամերիկեան պնդումներուն, իրականացուած յարձակումներուն։