image

Իրան պատրաստ է պատասխանելու ԱՄՆ-ին, եթէ Միացեալ Նահանգներ միջամտէ այս հակամարտութեան

Իրան պատրաստ է պատասխանելու ԱՄՆ-ին, եթէ Միացեալ Նահանգներ միջամտէ այս հակամարտութեան

Թեհրան պատրաստ է պատասխանելու Ուաշինկթընին, եթէ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի կողմէ անմիջականօրէն միջամտէ հակամարտութեան։ Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ​​ներկայացուցիչ Ալի Պահրէյնի։

Ան նաեւ խոստացած է «վճռական» եւ «անյապաղ» արձագանգ Իսրայէլի հարուածներուն։ Անոր խօսքով՝ Թեհրանը յարձակումներուն պիտի պատասխանէ «համաչափ»։

«Մենք որեւէ դժկամութիւն չենք ցուցաբերեր մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու հողը պաշտպանելու հարցով։ Մենք լուրջ եւ վճռականօրէն պիտի պատասխանենք՝ առանց որեւէ սահմանափակման», - լրագրողներուն ըսած է Ալի Պահրէյնի:

Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները «կը ծածկէ» Իսրայէլը։

Յիշեցնենք, որ 13 յունիսին, Իսրայէլ Իրանի դէմ սկսած է «Առիւծի վերելք» գործողութիւնը, որուն յայտարարուած նպատակն է ոչնչացնել Իրանի միջուկային ծրագիրը։ Ի պատասխան՝ իրանեան բանակը հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլի տարածքին։