image

Իրան պատրաստ է պատասխանելու Իսրայէլի որեւէ ռազմական գործողութեան. Փեզեշքիան

Իրան պատրաստ է պատասխանելու Իսրայէլի որեւէ ռազմական գործողութեան. Փեզեշքիան

Իրան պատրաստ է Իսրայէլի կողմէ որեւէ ռազմական գործողութեան։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը՝ Al Jazeera-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին։

«Մենք պատրաստ ենք Իսրայէլի կողմէ որեւէ ռազմական քայլի, եւ մեր զօրքերը կրնան կրկին հարուածել անոր տարածքը»,- նշած է Իրանի նախագահը։

Ան աւելցուցած է, որ երկու կողմերն ալ ծանր հարուածներ հասցուցած են զիրար՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլ կը թաքցնէ իր կորուստները։

«Իսրայէլ կ՚արգիլէ որեւէ խօսք մեր հրթիռային հարուածներու արդիւնաւէտութեան մասին, սակայն պատերազմի դադրեցման՝ իր խնդրանքը շատ բան կը նշանակէ»,-շարունակած է ան։

Փեզեշքիանն ընդգծած է, որ Իրան հաւատք ունի դիւանագիտութեան եւ պատերազմ չի փնտռեր, սակայն միաժամանակ չի սպասեր, որ հրադադարը մշտական պիտի ըլլայ։ Ան աւելցուցած է, որ Իրան պիտի պաշտպանուի ուժով։

Փեզեշքիան գոհունակութիւն յայտնած է տարածաշրջանային երկիրներու՝ Իրանի հանդէպ ցուցաբերած աջակցող դիրքորոշման համար։

«Երբեք տարածաշրջանի երկիրները այսպիսի դիրքորոշում չէին ցուցաբերած Իրանի աջակցութեան հարցով, ինչպէս այս պատերազմի ընթացքին։ Մենք ամբողջովին պատրաստ ենք մեր արաբ դրացիներուն եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն հետ մշակելու համատեղ անվտանգութեան հայեցակարգ մը», — ըսած է ան։