image

Իրանը մօտ է համաձայնութեան. Պորէլ

Իրանը մօտ է համաձայնութեան. Պորէլ

Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլ «Doha Forum» միջազգային համաժողովին ելոյթի ժամանակ ըսած է, որ Իրանը եւ համաշխարհային տէրութիւնները շատ մօտ են 2015-ի միջուկային գործարքը վերսկսելու համաձայնագրին:

Աւելի վաղ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտոլ Լահեանը նոյնպէս յայտարարած էր, որ միջուկային բանակցութիւնները մօտ են աւարտին:

Ան ըսած էր, որ Իրանը բանակցութիւններուն մէջ նախաձեռնութիւններ յառաջ քաշած է` մեկնելով սեփական ժողովուրդի շահերէն, եւ համաձայնութեան հասնիլը կը պահանջէ, որ արեւմտեան երկիրները արձագանգեն այդ նախաձեռնութիւններուն «լուրջ մտադրութիւններով»: