image

Իրան եւ ԱՄՆ մօտ չեն համաձայնութեան. Իրանցի խօսնակ

Իրան եւ ԱՄՆ մօտ չեն համաձայնութեան. Իրանցի խօսնակ

Իրանն ու Ամերիկան Միացեալ Նահանգները չեն մօտեցած հակամարտութեան դադրեցման մասին համաձայնագրի կնքման։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։

«Չենք կրնար վստահաբար ըսել, թէ հասած ենք այն փուլին, երբ համաձայնութիւնը մօտ է»,- անոր խօսքերը մէջբերած է իրանական «Tasnim» գործակալութիւնը։

Պաղային ընդգծած է, որ բանակցութիւններուն հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած է պատերազմի դադրեցման վրայ։ Մեկնաբանելով Փաքիստանի բանակի հրամանատար Ասիմ Մունիրի այցը Թեհրան՝ դիւանագէտը նշած է, որ օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու յաճախակի դարձած այցերը դիւանագիտական գործընթացի շարունակութիւնն են։

Ան նաեւ հաստատած է, որ Քաթարէն ժամանած պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի հետ, սակայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդ կը շարունակէ հանդիսանալ փաքիստանեան կողմը։

 

Աւելի վաղ իրանական ISNA գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Մունիր Թեհրան հասած է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդական առաքելութեան շրջածիրէն ներս։ Ինչպէս նշուած էր, Իսլամապատի ջանքերը ուղղուած են առկայ տարակարծութիւններու կարգաւորման, սակայն հրամանատարի այցը «չի նշանակեր փոխըմբռնման ձեռքբերում նախնական պայմաններով»։